ԶՈՄ ԶՈԳ-Ի ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ուսանողական գրասենեակին Շաբաթ, 27 Մարտ 2010-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու միջ-դպրոցական զարգացման մրցումը, որ կ’ընդգրկէր պատմական, հայկական, գրական, աշխարհագրական, գիտական, թուաբանական, մարզական, մշակութային եւ այլազան 50 հարցումներ: Զարգացման մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 դպրոցներ, իւրաքանչիւրը՝ 4 աշակերտներով. մասնակից դպրոցներն էին՝ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանը, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան վարժարանը եւ Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանը: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս առաջին հանդիսացան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեանի աշակերտները՝ Թասլաքեան Սեւակ, Յովհաննէսեան Շողեր, Կոտալազեան Կարէն եւ Փափազեան Հրակ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը շահեցաւ մինի լափթոփ մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեցին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի աշակերտները, իսկ երրորդ՝ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները: Անոնք շահեցան արժէքաւոր նուէրներ: Շահող 3 դպրոցները ստացան յուշանուէրներ: