ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ (Նախակրթարան)

Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ին, Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը՝ նախակրթարանի Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութեամբ։

Մրցումին երկու կարճ դադարներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին, առաջին եւ երկրորդ հանդիսացող խմբակները ստացան նուէրներ:

Աշակերտները խանդավառ մթնոլորտի մէջ յայտագիրը փակեցին շուրջպարով մը: