ԶԱՐԴԱՐԵ՛ՆՔ ՎԵՐԱՄՇԱԿՈՒՄՈՎ

Դեկտեմբեր ամսուն իւրայատուկ մրցանք մը կազմակերպուեցաւ երկրորդական բաժինի աշակերտներուն համար: Անոնք մէկ ամսուան ընթացքին վերամշակուած իրերով պիտի զարդարէին իրենց դասարանները: Այս առիթով ստեղծուած յանձնախումբը պիտի ընտրէր լաւագոյն զարդարանքը:

Աւարտին, Ժ. դասարաններու աշակերտները իրենց յարատեւ ու կազմակերպուած աշխատանքին, յղացած գաղափարներուն, գործածած վերամշակուած իրերու այլազանութեան եւ ստեղծագործ իրագործումներուն համար յաղթական նկատուեցան: Անոնք շահեցան պտոյտ մը դէպի Լիբանանի զբօսաշրջային վայր մը: