ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Անդրանիկ Սեւան գործադիր մարմնին, Շաբաթ, 17 Ապրիլին, Անդրանիկ Սեւան ակումբի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ընդհանուր զարգացման մրցում հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մասնակցութեամբ: Սոյն մրցանքին Ճեմարանը ներկայացուցին ԺԲ. դասարանի աշակերտներէն Սեւակ Թասլաքեան, Արեն Քերթեշեան, Նազօ Գէորգեան եւ Հրակ Տէմիրճեան: Մրցումի աւարտին Ճեմարանի աշակերտները հանդիսացան առաջին՝ ապահովելով բարձրագոյն արդիւնքը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պարգեւ ստացաւ համակարգիչ մը: