ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ

Երկուշաբթի, 22 Մայիս 2017-ին, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն զարգացման մրցումը՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած:

Մրցումի դադարներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական հետեւեալ յայտագիրը. խմբերգ՝ Դ. դասարանի աշակերտներ, պար՝ Ե. դասարանի աշակերտներ, դաշնամուրով նուագ՝ Գալին Գիլէճեան (Զ. դասարան ):

Զարգացման մրցումի աւարտին առաջին հանդիսացող խումբի անդամները բառախաղեր նուէր ստացան, իսկ բոլոր աշակերտները ստացան հայրենասիրական երգերու խտասալիկներ: