ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԵՐԿՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ

Երկրորդական բաժինէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան հետեւեալ զարգացման մրցումներուն. 15 Մայիս 2015-ին, Յակոբ Թաշճեան, Արամ Գէորգեան, Ռիթա Ֆերմանեան եւ Սագօ Եագուպեան ՍԴՀԿ «Տխրունի» Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու զարգացման մրցումին հանդիսացան երկրորդ: 16 Մայիս 2015-ին, Սէրուժ Յովսէփեան, Յակոբ Թաշճեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Ֆիլիփ Քէչէք Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումին հանդիսացան առաջին: