Ուրբաթ, 25 Փետրուարին նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան զարգացման մրցանքի մը, որ կ՚ընդգրկէր իրենց աշխարհագրութեան դասանիւթին վերաբերող հարցումներ։ Չորսական հոգիէ բաղկացած հինգ խմբակներով աշակերտները խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցանքին եւ ամրապնդեցին 2010-2011 տարեշրջանի սկիզբէն մինչեւ այսօր իրենց ստացած աշխարհագրական գիտելիքները։ Մրցանքի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր ստացաւ գրիչ մը, իսկ առաջին հանդիսացող խմբակի անդամները՝ գրչատուփ։
ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑԱՆՔ
