ԶԱՏԻԿԸ ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2013-ին, Նորսիկեան մանկարպարտէզի աշակերտները եւ մանկամսուրի փոքրիկները տօնեցին Ս. Զատիկը իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ: Փոքրիկները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին օրուան հիւրերը՝ Նապաստակը, Աքլորն ու Ծաղրածուն, երգեցին ու պարեցին անոնց ընկերակցութեամբ, ապա բոլորը ուղղուեցան պարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթախաղը: Փոքրիկները սեղաններու շուրջ բոլորուած հաւկիթ խաղացին եւ կերան իրենց պատրաստած չէօրէկը: