Ե. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄԻՆ

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, Ուրբաթ, 21 Մարտի 2014-ն, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Հայ մանուկներու օրը: Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, որ ողջունեց սրահին մէջ հաւաքուած մանուկները, շնորհաւորեց զանոնք եւ մաղթեց, որ իսկական մանկութիւն ապրելու կարելիութիւնն ու առիթը ունենան: Նուր Սալման անդրադարձաւ նաեւ հայութեան, յատկապէս լիբանանահայութեան, որ երկրին մէջ ունեցած է դրական ներդրում եւ ներկայութիւն. այս առիթով ան 14 հայկական վարժարաններէ եկած հայ աշակերտներուն կոչ ուղղեց` ըլլալու իրենց նախորդներուն արժանի ժառանգորդը, որովհետեւ Լիբանանի մէջ հայութիւնը միշտ լաւ անուն եւ վարկ կերտած է: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան երգեր, պարեր, ասմունք եւ կարճ ներկայացումներ: Ճեմարանի Ե. դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու մասին թատերական կարճ ներկայացումով մը, որուն գրութեան մասնակից եղած էին իրենք: Անոնք ներկայացուցին Ֆրանսահայը, ամերիկահայը, եգիպտահայը եւ լիբանանահայը իբրեւ լաւ քաղաքացիներ, միաժամանակ իբրեւ լաւ հայեր: Ներկայացման աւարտին, տարբեր գաղութներէ եկած հայերը երբ լսեցին «Տլէ Եաման»ը ու տեսան հայկական տարազով հայ զոյգը, այդ կողմ ուղղուեցան, եւ լսուեցաւ մաս մը Գ. Էմինի բանաստեղծութիւններէն ու Պ. Սեւակի «Բարեւ»էն: Աշակերտները ներկայացումը աւարտեցին Վլատիմիր Արզումանեանի «Միասին» երգով: Փակման խօսքը արտասանեց եւ մանուկներուն իր օրհնութիւնը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: