Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութիւնը Ճեմարանի մէջ

Ուրբաթ, 6 Նոյեմբեր 2015-ին Երեւանի Պետական Համալսարանի պատուիրակութիւնը այցելեց Ճեմարան: Հայրենի հիւրերը գրադարանէն ներս հանդիպում ունեցան դպրոցի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին հետ: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան ողջունեց հիւրերը անդրադառնալով, որ Ճեմարանի եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի կապը կու գայ շատ հինէն՝ կրթական զոյգ հաստատութիւններու հասարակաց հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանի շնորհիւ: Ան ըսաւ, որ կարելի է նոյնիսկ քոյր հաստատութիւններ նկատել զանոնք: Տնօրէնը պատմական արագ ակնարկով մը ներկայացուց Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Համազգային Կրթական եւ Մշակութային միութեան սփիւռքի մէջ հայկական կրթօճախ մը հիմնելու կարեւոր նախաձեռնութեան, որ ամէնէն առաջ կը միտէր հայապահպանումը եւ ապա անշուշտ՝ հայ մտաւորականութեան պատրաստութիւնը: Ապա խօսք առաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեան, որ շեշտեց երկու հասատատութիւններու գործակցութեան կարեւորութիւնը ապագայ ուսուցիչներ, լրագրողներ ու հանրային գործիչներ պատրաստելու համար: Օրուան ընթացքին պատուիրակութեան ընկերակցող երեք ուսանողներ՝ Աբիկ Աբրահամեան (Ճեմարանի շրջանաւարտ), Ռուզան Եոլճեան եւ Ռոպերթ Սուքիասեան, ցեղասպանագիտութեան վերաբերող դասաւանդութիւն մը կատարեցին Թ.,Է. եւ Ը. դասարանի աշակերտներուն: Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ-օսմանական յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Լուսինէ Սահակեան Ժ. դասարանին ներկայացուց Համշէնն ու համշէնահայերը, իսկ Երեւանի Պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս Արտակ Մովսիսեան ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն խօսեցաւ հայ ժողովուրդի ծագման մասին: