«ԵՐԲ ՉԵՍ ՈՒԶԵՐ ՀԻՒՐ ԸՆԴՈՒՆԻԼ» ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԻ ԲԵՄԱԿԱՆԱՑՈՒՄ

Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2020-ին, Նախակրթարանի Զ. դասարանի աշակերտները հաճոյքով ու խանդավառութեամբ բեմականացուցին իրենց դասը՝ «Երբ չես ուզեր հիւր ընդունիլ»:
Աշակերտները հայերէն լեզուի դասապահուն, երգիծական ստեղծագործութիւններու ծիրէն ներս, ծանօթացան հայ գրականութեան մեծ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանին ու անոր գործերուն, մասնաւորաբար «Քաղաքավարութեան վնասները» ստեղծագործութեան: Երգիծական ոճի յատկանիշներէն բացի, անոնք սորվեցան, որ մարդ յաճախ զոհ կը դառնայ քաղաքավարութեան: