Առաջին կիսամեակի աւարտին, երբ Ե. դասարաններու աշակերտները արդէն իսկ ծանօթ էին Լիբանանի հողային տարածքին եւ անոր բոլոր մուհաֆազաներուն ու քատաներուն (մարզերուն եւ անոնց վարչական բաժանումներուն)՝ դասարանէն ներս վիճակաձգութեան միջոցով որոշուեցաւ ամէն մէկ աշակերտի կատարելիք խոյզին նիւթը … Այդ խոյզին մէջ պէտք էր ներկայացուէր լիբանանեան շրջան մը եւ յիշել, թէ այդ շրջանը ու՞ր կը գտնուի ( Մուհաֆազա եւ Քատա), նշել, թէ ինչո՞վ նշանաւոր է ան (հնութիւններ, գետ, լեռ, բնութիւն, սովորութիւններ, արհեստներ …):
Այսպէսով այս աշխատանքին աւարտին Ե. դասարաններուն համար կարելի եղաւ խաւաքարտերու վրայ պատկերացնել այն երազային շրջագայութիւնը, զոր յոյս ունինք իրագործել, երբ մեր սիրելի Լիբանանը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը: