Դ. ԵՒ Ը. ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂԻՆ

Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ին, նախակրթարանի Դ. եւ միջնակարգի Ը. դասարաններու աշակերտները հանդիպում ունեցան ընկերային ծառայողին հետ եւ խօսեցան անցնող երկու տարիներուն ընթացքին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, թէ ի՞նչպէս յաղթահարեցին զանոնք, եւ թէ ինչերո՛ւ արժէքը գիտցան միայն դժուարութեան ժամանակ: