ԴՊՐՈՑԻ ՄԸ ՆԿԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ե. դասարանի աշակերտները ծանօթանալէ ետք 1800-ականներու Տէր Թոդիկի դպրոցին, ինչպէս նաեւ՝ 2200-ականներու ենթադրեալ դպրոցին, սորվեցան գրել դպրոցի մը նկարագրութիւնը, ապա ուղղուեցան Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուր, ուր ծանօթացան կառոյցի տարբեր մասերուն եւ մանուկներու դպրոցական ծրագիրին։ Այցելութենէն ետք, անոնք վերադարձան դասարան եւ նկարագրական շարադրութիւն մը գրեցին իրենց տեսած մանկամսուրին մասին։