«ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Նախաձեօութեամբ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, Հինգշաբթի, 22 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Դոկտ.. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դպրոցին դերը աշակերտին հոգեկան առողջութեան եւ կրթական յաջողութեան մէջ» խորագիրով Դոկտ.. Կարին Փափազեան Զոհրապեանի դասախօսութիւնը, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան եւ ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի հայկական վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ Ճեմարանի անձնակազմին:

Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան նիւթն ու դասախօսը՝ Դոկտ. Կարին Փափազեան Զոհրապեանը, որ Լիբանան կը գտնուի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի մանկավարժական բաժանմունքի կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու եւ դասախօսութիւններու առիթով, ինչպէս նաեւ՝ գաղթականներու հետ առնչուած կազմակերպութիւններու եւ մասնագէտներու հետ հանդիպումներու համար:

Դոկտ. Զոհրապեան իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի տնօրէնութեան իր այս նախաձեռնութեան համար, ապա  ամփոփ ներածականէ մը ետք, մանրամասնօրէն ներկայացուց մարդկային այլազան իրավիճակները, որոնց դէմ յանդիման կրնան գտնուիլ աշակերտները եւ հետեւաբար նաեւ՝ դպրոցը: Անդրադառնալէ ետք աշակերտին հոգեկան հաւասարակշռութեան վրայ ազդեցութիւն ունեցած զանազան կացութիւններու եւ պատճառներու, ան շեշտեց դպրոցին դերին կարեւորութիւնը՝ վերականգնելու աշակերտին հոգեկան առողջութիւնը, ապահովելու համար աշակերտին ուսումնական եւ ընկերային յաջողութիւնը:

Դոկտ. Զոհրապեան բազմաթիւ օրինակներով ներկայացնելէ ետք աշակերտը յուզող ընդհանուր հարցերը եւ անոնց հետեւանքները անոր դպրոցական կեանքին վրայ, անդրադարձաւ ուսուցիչին եւ տնօրէնին դերին՝ աշակերտին հոգեկան հաւասարակռութեան սպառնացող ախտանշանները նկատելու եւ զանոնք դարմանելու աշխատանքին՝ ծնողք-ուսուցիչ-միջավայր յարաբերութեան եւ գործակցութեան ընդմէջէն:

Դասախօսութեան աւարտին, Դոկտ. Զոհրապեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: