«ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՆՈՐԱ ՊԱՐՈՒԹՃԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2022-ին Ճեմարան այցելեցին Ֆրանսայի «Դպրոցասէր» վարժարանի ուսուցչուհի, «Ծիծեռնակ» արեւմտահայերէն գրական կայքէջի հիմնադիր, բանաստեղծուհի Նորա Պարութճեան եւ իր դուստրերը, ընկերակցութեամբ «Պատկեր» մշակոյթի տան տնօրէն Արփի Մանկասարեանի:

Հիւրերը նախ ընդունուեցան տնօրէնութեան կողմէ, ապա մտերմիկ զրոյցէ մը ետք անոնք շրջեցան Ճեմարանի զանազան բաժինները, ծանօթացան անձնակազմին եւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն, որոնց հետ իր հանդիպումին ընթացքին Նորա Պարութճեան խօսեցաւ «Ծիծեռնակ» կայքէջին մասին եւ քաջալերեց աշակերտները մասնակցելու կայքէջի աշակերտական բաժինին՝ իրենց առօրեային վերաբերող գրութիւններով:

Այցելելէ ետք «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուր եւ Նորսիկեան մանկապարտէզ, հիւրերը յուզումով բաժնուեցան Ճեմարանէն: