ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ՃԵՄԱՐԱՆ

Երեքշաբթի, 8 Յուլիս 2024-ին, Ճեմարան այցելեց «Արշաւիր եւ Հերմինէ Յովսէփեան» կրթական մրցանակի հիմնադիր Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:

Ան հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ, ջերմ զրոյցի մը ընթացքին իրազեկ դարձաւ Ճեմարանի լուրերուն եւ վերյիշեց Ճեմարանի մէջ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերը, նախքան իր արտագաղթը Լիբանանէն: