Երկուշաբթի, 3 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Ճեմարանի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց սփիւռքահայ մտաւորական Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը: Ան տնօրէնուհիին հետ զրուցեց Ճեմարանի պատմութեան եւ առօրեային մասին, միաժամանակ պատմեց ճեմարանականներու հետ ունեցած իր յուշերը:
Հանդիպումին աւարտին Դոկտ. Ճէպէճեան Ճեմարանին նուիրեց իր «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ» մակագրուած հատորը եւ դարձեալ հանդիպելու խոստումով մեկնեցաւ Ճեմարանէն: