ԴԷՊԻ «ՊԱԱՊՏԱ ԱՆՏԱՌ»

Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբեր 2015-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները գացին «Պաապտա» անտառ (Baabda forest): Անոնք ծանօթացան անտառի պահպանութեան օրէնքներուն, կածաններու եւ այլազան ծառերու: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ճեմեցին անտառին մէջ, բոյսեր (անանուխ կամ ալոա) ցանեցին հետեւելով մասնագիտական բացատրութիւններու: Այս օգտաշատ պտոյտէն ետք աշակերտները վերադարձան դպրոց իրենց հետ ունենալով իրենց ցանած բոյսերը: