ԴԷՊԻ «ՊԱԱՊՏԱ ԱՆՏԱՌ»

Չորեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2014-ին, տարրական բաժինի երկրորդ դասարանի աշակերտները գացին «Պաապտա» անտառ (Baabda forest): Անոնք ծանօթացան անտառի տեսակաւոր ծառերուն եւ կարգ մը անասուններու: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ճեմեցին անտառին մէջ, բոյսեր ցանեցին հետեւելով մասնագիտական բացատրութիւններու: Այս այցելութեան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան հրշէջի տարազին, ինչպէս նաեւ՝ հրդեհի մը պատճառներուն ու կանխարգիլման միջոցներուն: Փոքրիկներուն այցելութիւնը պսակուեցաւ հաճելի ժամանցով: