Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2022-ին, միջնակարգի աշակերտները առիթը ունեցան տեսնելու Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Անոնք նախ այցելեցին Պարուքի մշտադալար մայրիներուն արգելոցը, վայելելով նարնջագոյն ու կարմրագոյն ծառերը, որոնք ծածկած էին լեռներն ու ձորերը: Աշակերտները արշաւեցին անտառին մէջ, ուր կանաչապատ մայրիի ծառերը գոցած էին կապտագոյն երկինքը: Լսեցին զբօսավարին բացատրութիւնները մայրիի ծառերուն ու վտանգուած անասուններուն մասին: Ապա աշակերտները հասան Պէյթ Էլ Տինի տպաւորիչ ու քարաշէն պալատը: Անոնք հիացումով տեղեկացան պատմութեան եւ ճարտարարուեստին մասին, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթացան պալատի իւրաքանչիւր անկիւններուն, նկարներուն, պատերուն վրայ քանդակուած խոյակներուն եւ առաստաղներուն վրայ գծագրուած ու փորագրուած նախշերուն: Այս շրջապտոյտին երրորդ ու վերջին այցելութեան վայրն էր Մուսայի թանգարան-պալատը, ուր կային մոմէ արձաններ, որոնք կը ներկայացնէին նշանաւոր դէմքեր: Թանգարանը կը ներկայացնէր Լիբանանի պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Աշակերտներս բարձր տրամադրութեամբ վերադարձանք դպրոց:
Աննա Կիւրիւնլեան
Է. դասարան
