ԴԷՊԻ ՇՈՒՖ

Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2026-ին, միջնակարգի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ դաստիարակչական եւ ճանաչողական պտոյտ մը կատարեցին Լիբանանի գեղատեսիլ Շուֆի շրջանը։ Օրը սկսաւ խանդավառ տրամադրութեամբ եւ գիտելիքներու նոր աշխարհ մը բացայայտելու ակնկալութեամբ։

Աշակերտները նախ այցելեցին Մուսայի թանգարան-պալատը, ուր զիրենք դիմաւորեց մոմէ արձաններու իւրօրինակ աշխարհը։ Արձանները կը ներկայացնէին պատմութեան եւ մշակոյթի մէջ իրենց հետքը ձգած նշանաւոր դէմքեր։ Թանգարանի սրահներուն մէջ աշակերտները ծանօթացան Լիբանանի պատմութեան, ժառանգութեան եւ մշակոյթին՝ անցեալը տեսնելով իւրայատուկ ու հետաքրքրական ներկայացման մը ընդմէջէն։

Պտոյտը շարունակուեցաւ դէպի Պէյթ Էլ Տինի տպաւորիչ քարաշէն պալատը։ Զբօսավարին եւ պատմութեան ուսուցիչներուն բացատրութիւններուն շնորհիւ աշակերտները տեղեկութիւններ ստացան պալատի պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ կառուցուածքին մասին։ Անոնք շրջեցան պալատին զանազան բաժիններուն մէջ՝ մօտէն դիտելով անոր իւրաքանչիւր անկիւնը, պատերը զարդարող պատկերները ու քարերուն վրայ քանդակուած խոյակները։

Պտոյտի յաջորդ հանգրուանը Պարուքի մշտադալար մայրիներու արգելոցն էր։ Նախ աշակերտները զբօսավարին կողմէ հարուստ եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ ստացան մայրիներու, անոնց պատմական նշանակութեան եւ բնական միջավայրին մասին։ Ապա ոգեւորութեամբ արշաւեցին անտառին մէջ՝ վայելելով մշուշաթաթախ ծառուղիներուն խաղաղութիւնն ու բնութեան հմայքը։

Օրը դարձաւ ոչ միայն հաճելի զբօսանքի, այլեւ գիտելիքի, բացայայտումներու եւ անմոռանալի տպաւորութիւններու օր մը։ Աշակերտները, բարձր տրամադրութեամբ եւ նոր գիտելիքներով յագեցած, վերադարձան դպրոց՝ իրենց հետ տանելով Շուֆիի պատմութեան, մշակոյթին եւ բնութեան գեղեցիկ յիշատակները։