«ԴԷՊԻ ՆԵՐԱՌԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑ, ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ ԵՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ»

2011-2012 տարեշրջանէն ի վեր, Ճեմարանէն ներս կը գործէ սորվելու դժուարութիւններ ունեցող ներառական կրթութեան բաժանմունքը: Մասնագէտ անձնակազմը եւ ուսուցիչները այս ուսուցման վերաբերող գիտաժողովներուն կը մասնակցին երբ առիթը ներկայանայ:

18 եւ 19 Նոյեմբեր 2016-ին, Լիբանանեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի ներառական դպրոց, հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ» (Vers une école inclusive: perspectives et  défis) վերնագրով գիտաժողով մը, ներկայութեամբ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն եկած տնօրէններու, մանկավարժներու, ներառական կրթութեան մասնագէտներու եւ ուսուցիչներու: Ճեմարանէն մասնակցեցան մէկ ուղղախօս, երկու ուսուցչուհիներ եւ տնօրէնութեան ներկայացուցիչը:

Գիտաժողովին ընթացքին խօսք առնող տարբեր երկիրներէ եկած մասնագէտները փոխանցեցին իրենց փորձառութիւնները եւ բացատրեցին, թէ ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս սորվելու այլազան դժուարութիւններ ունեցող մանուկները պէտք է ներառել Լիբանանի դպրոցներէն ներս, նշեցին նաեւ թէ մարտահրաւէրները շատ են եւ անոնք կախեալ են լիբանանեան օրէնսդրութենէն, մասնագիտացած մարդուժի առկայութենէն եւ պետական նիւթական օժանդակութենէն:

«Դէպի ներառական դպրոց» գիտաժողովը կազմակերպուած էր հետեւեալ կաճառներուն կողմէ եւ UNICEF-ի նիւթական օժանդակութեամբ:

-Լիբանանի Կրթական Նախարարութիւնը

-Լիբանանի Մանկավարժական Ուսումնական Կեդրոնը (CRDP)

-Լիբանանեան Համալսարանի Մանկավարժական Դպրոցը

-INS-HEA Ֆրանսական Կաճառը

-Լիբանանի մէջ «Mission Culturelle Francaise»