ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ…

Հայոց Պատմութեան դասին ծիրէն ներս, Դ. դասարաններու աշակերտները Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2011-ին առիթը ունեցան ծանօթանալու Պրն. Րաֆֆի Թոքաթլեանին, որ 2011-ի ամրան լիբանանցի լեռնագնացներու հետ բարձրացած էր Արարատ լեռ։ Տեսերիզի եւ նկարներու ցուցադրութեամբ ան աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութիւնը, որ տեւած էր 5 օր՝ հանգրուանային ձեւով։ Միաժամանակ Րաֆֆի Թոքաթլեան անդրադարձաւ լեռնագնացութեան օրէնքներուն՝ ցուցադրելով անհրաժեշտ իրերը։ Ներկայացման աւարտին հիւր «լեռնագնացը» պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։