Միջնակարգի Ը. դասարանի հայերէն լեզուի հատուածներէն Գրիգոր Զօհրապի «Ալպեաններն ի վեր» դասին կապակցութեամբ` Երկուշաբթի, 21 Հոկտեմբեր 2024-ին, աշակերտները իրենց հայերէնի դասապահուն հանդիպում ունեցան Արարատ լեռ բարձրացած` Թ. դասարանի աշակերտներէն Վեհ-Քրիստ եւ Գալէ- Դրոյ Հարպոյեաններուն հետ: Անոնք նախ խօսեցան լեռնագնացութեան, լեռնագնացներու ֆիզիքական պատրաստութեան մասին եւ հեռարձակումով ցոյց տուին լեռնագնացներու օգտագործած իրերը: Ապա պատմեցին Արարատ լեռ մագլցելու իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զգացումներուն մասին:
Աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին զիրենք եւ զանազան հարցումներ ուղղեցին: Դասապահու աւարտին, անոնք ալ նոյն ոգեւորութեամբ որոշեցին անպայման բարձրանալ Արարատ լեռ ու պարզել եռագոյնը անոր գագաթին: