ԴԷՊԻ ԱՐԱՐԱՏ

Ուրբաթ, 16 Մայիս 2014-ին Ճեմարան այցելեց Արի Չէօրէքճեան, որ Օգոստոս 2013-ին Արարատի գագաթը նուաճած էր: Ան իր փորձառութիւնը նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց նախակրթարանի Դ. դասարանի աշակերտներուն: Աշխարհագրութեան դասանիւթի ծիրէն ներս, ան աշակերտներուն փոխանցեց մանրամասն տեղեկութիւններ լեռնագնացութեան մասին՝ նախապատրաստութիւններ, տեւողութիւն, կլիմայ, դժուարութիւններ եւ անշուշտ զգացումներ: Ներկայացման աւարտին Արի Չէօրէքճեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն։