Չորեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2026-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտներուն հայերէնի դասապահը կատարուեցաւ Արարատի ճանապարհին։ Ճեմարանի շրջանաւարտ Մեղեդի Սնապեան, որ 2026-ի Օգոստոսին բարձրացած էր Արարատ լեռ, աշակերտներուն հետ բաժնեց իր այդ անմոռանալի փորձառութիւնը։
Մեղեդին պատմեց, թէ ի՛նչպէս կը պատրաստուի լեռնագնացը՝ ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ հոգեպէս։ Ան ներկայացուց վերելքին անհրաժեշտ իրերը, հանգիստի կայանները, ճանապարհին հանդիպած դժուարութիւնները եւ զանոնք յաղթահարելու միջոցները։ Իր պատմութեան ընդմէջէն աշակերտները քայլ առ քայլ հետեւեցան Արարատի վերելքին՝ մինչեւ այն պահը, երբ կը հասնիս գագաթ։
Այդ պահը, սակայն, Մեղեդիին համար միայն լեռնագնացութեան մը աւարտը չէր։ Գագաթին, բարձրութեան հետ, կը միախառնուին կարօտը, անցեալը, ներկան ու ապագան, եւ մարդ կը զգայ, որ իր առջեւ պարզուած է ոչ միայն լեռ մը, այլեւ իր պատմութեան ու երազներուն մէկ մասը։
Մեղեդին իր պատմութիւնը ամբողջացուց Արարատի վերելքէն նկարներով եւ տեսերիզներով։ Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին, հարցումներ ուղղեցին եւ, կարծես, իրենք ալ մէկ քայլ բարձրացան այդ ճանապարհէն։
Հանդիպումը աւարտեցաւ շատ յստակ որոշումով մը՝ օր մը դասարանով միասին հասնիլ Արարատի գագաթը:
