ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, երկրորդական բաժինի ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար:

Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Մուսա լեռ-Այնճարի ազգագրական թանգարան»էն, ուր դիտեցին տեղադրուած իրեղէնները եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ ստացան, իսկ թանգարանի գիրքերու բաժինին մէջ, աշակերտները հետաքրքրութեամբ լսեցին Այնճարի բարբառով բանաստեղծութիւններու ընթերցումը: Ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի Այնճարի քաղաքապետարան, ուր քաղաքապետը դիմաւորեց զիրենք եւ ներկայացուց քաղաքապետարանի գործունէութիւնը, ծրագիրներն ու իրագործումները: Այցելութիւններու յաջորդ հանգրուանն էր «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնը, ուր բացատրութիւններ ստացան միութենական կեանքին ու գործունէութեան մասին: Անոնք ծանօթացան նաեւ Համազգայինի Այնճարի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ այցելեցին Համազգայինի նոր կեդրոնը: 

Այցելութիւններու յաջորդ հանգրուանն էր Ազգ. «Յառաջ» վարժարանը, ուր տնօրէն Արմէն Թաշճեան իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն եւ բարձր գնահատեց Ճեմարանի պատասխանատուներուն այս դաստիարակիչ նախաձեռնութիւնը: Ապա հանդիպում տեղի ունեցաւ վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտներուն հետ: Դպրոցի շրջափակին մէջ, աշակերտները միասնաբար ժամանակ անցուցին մարզական խաղերով եւ զրուցելով: «Յառաջ» վարժարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալէ ետք, աշակերտները այցելեցին Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնը, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը վարչութեան կողմէ, միաժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան մասնաճիւղի գործունէութեան մասին:

Այնճարի մէջ աշակերտները ամէնուրեք արժանացան ջերմ ընդունելութեան:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Այնճարի քաղաքապետութեան եւ աշակերտներուն այցելած բոլոր կառոյցներուն պատասխանատուներուն՝ իրենց սիրալիր ընդունելութեան եւ հոգատար վերաբերումին համար: