ԴԷՊԻ ԱՅՆՃԱՐ

Երեքշաբթի, 20 Մարտ 2018-ի առաւօտեան, Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար:

ԺԱ. դասարանի աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ Այնճարի քաղաքապետարանէն, ուր զիրենք դիմաւորեց քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետարանի գործունէութիւնը, ծրագիրները եւ իրագործումները: Աշակերտները ճաշակեցին քաղաքապետարանին տրամադրած Այնճարի համեղ ծոթրինահայսը:

Այցելութիւններու յաջորդ հանգրուանն էր Ազգ. «Յառաջ» վարժարան, ուր հանդիպում նախատեսուած էր վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ: Դպրոցի շրջափակէն ներս տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց «հիւրերը», բարձր գնահատեց Ճեմարանի պատասխանատուներուն այս նախաձեռնութիւնը եւ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ դպրոցի բաժանմունքներուն, կրթական ծրագիրներուն եւ գործունէութիւններուն մասին: Ապա աշակերտները միասնաբար արծարծեցին դպրոցական զանազան նիւթեր՝ մանաւանդ գիւղի ու քաղաքի մէջ ապրելու առաւելութիւններու եւ անպատեհութիւններու մասին: Զրոյցէն ետք անոնք այցելեցին մանկապարտէզ, ուր հաճելի պահեր  անցուցին փոքրիկներուն հետ:

«Յառաջ» վարժարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, ուր աշակերտները բացատրութիւններ ստացան տեղադրուած գիրքերուն, իրեղէններուն եւ լուսանկարներուն մասին: Ապա աշակերտները այցելեցին Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը վարչութեան կողմէ, միաժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան մասնաճիւղի գործունէութեան մասին:

Յաջորդ հանգրուանն էր Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը, ուր կարճատեւ բայց մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ դպրոցի աշակերտներուն հետ:

Վերջապէս Ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները իրարու միացան Այնճարի ելակի պարտէզը, ուր քաղեցին եւ համտեսեցին ելակները, ապա տեղի ունեցաւ ծառատնկում (Ժ. եւ ԺԲ. դասարանի աշակերտները նոյն օրը, դպրոցի տարեկան պտոյտին ընթացքին, հետեւեցան տարբեր ծրագիրի մը՝ Թաանայէլի մէջ):

Հաճելի եւ դաստիարակիչ այս օրուան աւարտին աշակերտները վայելեցին ճաշարան Արեւի համադամ ուտելիքները եւ հրաժեշտ տուին Այնճարին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեանին եւ քաղաքապետարանի անդամներուն, որոնք իրենց հոգատար վերաբերումով սատարեցին այս դաստիարակիչ պտոյտին յաջողութեան: