Հինգշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան, ԺԱ. դասարանի աշակերտները ճամբայ ելան դէպի Այնճար:
Աշակերտներուն այցելութիւններու յայտագիրը սկսաւ «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնէն, ուր յուշակոթողին մօտ, զիրենք դիմաւորեց Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որ ներկայացուց Այնճարի ամփոփ պատմութիւնը: Աշակերտները Հ. Յ. Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան անդամ Ժագ Տաղլեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան կեդրոնի զանազան բաժինները եւ բացատրութիւններ ստացան միութենական կեանքին ու գործունէութեան մասին:
Ապա անցնելով «Դալար անկիւն»էն, խումբը հասաւ քաղաքապետարան, ուր դարձեալ հիւրընկալուեցաւ Այնճարի քաղաքապետին կողմէ: Վարդգէս Խօշեան խօսեցաւ քաղաքապետարանի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ իրագործումներուն մասին: Ան Այնճարը ներկայացուց իբրեւ առանձին պետութիւն մը, որ ինքնաբաւ է եւ ունի իր անկախ գործելաոճը:
Այցելութիւններու յաջորդ հանգրուանն էր Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը, ուր տեղի ունեցաւ կարճ բայց մտերմիկ հանդիպում մը 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ: Վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, ընթերցուեցաւ բարի գալուստի տպաւորիչ խօսք մը 11-րդ դասարանին կողմէ, ապա նկարներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցան այդ դասարանի աշխատանքները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Աշակերտները բաժնուեցան իրարմէ վերստին հանդիպելու խոստումով:
Այնուհետեւ աշակերտները հասան Ազգ. «Յառաջ» վարժարան, ուր եւս հանդիպում նախատեսուած էր վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ: Դպրոցի տնօրէն Արմէն Թաշճեան ողջունեց «հիւրերը» եւ բարձր գնահատեց դպրոցի պատասխանատուներուն այս նախաձեռնութիւնը: Ապա աշակերտները միասնաբար արծարծեցին դպրոցական զանազան նիւթեր: Զրոյցէն ետք անոնք այցելեցին մանկապարտէզ, ուր հաճելի պահեր անցուցին փոքրիկներուն հետ:
«Յառաջ» վարժարանի աշակերտներուն հրաժեշտ տալէ ետք, խումբը քալելով ուղղուեցաւ դէպի «Ս. Պօղոս» եկեղեցի, ուր Տէր Միրօն Աւետիսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ կառոյցին ու գործունէութեան մասին:
Ապա աշակերտները ուղղուեցան դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորակառոյց մարզահամալիր եւ տեղեկացան կառոյցի շինարարական աշխատանքներուն մասին: Ժագ Տաղլեան բացատրեց, թէ ի՛նչպէս Այնճարի կլիմային պատճառով մարզական կեանքը կը տուժէր, հետեւաբար ձեռնարկուած է նման համալիրի մը կառուցման:
Յաջորդ հանգրուանն էր գրագէտ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը, ուր աշակերտները բացատրութիւններ ստացան տեղադրուած գիրքերուն, իրեղէններուն եւ լուսանկարներուն մասին:
Հաճելի եւ դաստիարակիչ այս օրուան աւարտին աշակերտները վայելեցին ճաշարան Արեւի համադամ ուտելիքները եւ հրաժեշտ տուին Այնճարին: