Ուրբաթ, 31 Մայիս 2019-ին, Նախակրթարանի Ե. դասարանի աշակերտները իրենց արաբերէնի դասապահը անցուցին Ճեմարանի պարտէզին մէջ` Տիկին Մայային ընկերակցութեամբ: Անոնք նախ տեսան այն կեռասենին, զոր ցանած էին նախորդ տարեշրջանին, որմէ ետք կատարեցին դասարանային աշխատանք մը, որուն նիւթն էր «أحرف الجر »: Ուսուցչուհին նախապէս պարտէզին տարածքին մէջ պահած էր խաւաքարտեր՝ իւրաքանչիւրին վրայ մէկ «حرف جر »: Աշակերտները փնտռեցին զանոնք եւ գտնելէ ետք՝ տուեալ «حرف جر »-ով կազմեցին նախադասութիւն մը: Աշխատանքին աւարտին, տրուած ըլլալով, որ օդը բաւական տաք էր, աշակերտներն ու ուսուցչուհին կերան պաղպաղակ:
ԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՄԸ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ
