Ուրբաթ, 10 Նոյեմբեր 2023-ին, միջնակարգի Է. եւ Ը. դասարաններու աշակերտները հիւրընկալեցին «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Արշօ Պալեան: Ան նախ աշակերտներուն ներկայացուց պաղեստինեան դատը եւ Կազայի ներկայ իրավիճակը: Ապա արցախեան ազատագրական պայքարէն սկսելով, ան խօսեցաւ Արցախի հանդէպ տարածաշրջանի երկիրներուն վարած քաղաքականութեան, թշնամի պետութիւններու ձգտումներուն եւ Հայաստանի քաղաքականութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Իսրայէլ-Ազրպէյճան-Թուրքիոյ կապին եւ տեղեկատուական յեղափոխութեան ազդեցութեան: Վերջաւորութեան ան շեշտեց, որ հզօր հայրենք ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ հզօր բանակ եւ նորօրեայ արհեստագիտութեամբ զինուած սերունդ:
Դասախօսութեան աւարտին Արշօ Պալեան պատասխանեց աշակերտներուն հարցումներուն:
