ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը՝ ԺԲ. դասարանի աշակերտներուն, որոնց դասերը կը դադրին 20 Ապրիլին, որպէսզի անոնք պատրաստուին պետական քննութիւններուն: Ընկերային ծառայող Սիլվա Քիւրքճեան ներկայացուց դասախօսը՝ Տոքթ. Իշխան Եղիայեանը, որ անդրադարձաւ երիտասարդի մը կեանքին ընթացքին տալիք կարեւոր որոշումներուն: Այս անկիւնադարձային հանգրուանին է, որ երիտասարդը դժուարութեան մէջ կը գտնուի ու կը շուարի: Ամենափոքր որոշումէն մինչեւ ամենամեծ որոշումը հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Ան ըսաւ, որ մեծ որոշումներուն մէջ մեր սիրտը պէտք է գործածենք, որպէսզի սիրելով ընենք այն ինչ որ կ’ընենք, իսկ փոքր որոշումները՝ խելքով: Տոքթ. Իշխան աշակերտներուն հարցումներուն պատասխանելէ ետք, եզրափակեց ըսելով, որ անոնք հաւատան իրենց ըրածին եւ ըլլան ազատ մտածողներ, որպէսզի խաղաղ ու յաջող կեանք մը ունենան: