ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2013-ին, «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման գրասենեակէն Թելօ Նիկողոսեան Ը. դասարաններու աշակերտներուն փոխանցեց «Հորիզոն» գրասենեակի մասին տեղեկութիւններ։ Ան ներկայացուց գրասենեակի նպատակն ու գործունէութիւնը եւ բացատրեց, թէ ի´նչ է թմրեցուցիչը, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ կը գործածուի, ի՞նչ են անոր ազդեցութիւնները։ Ան ներկայացուց նաեւ թմրեցուցիչի տեսակները եւ անոնց ունեցած ժխտական հետեւանքները՝ ֆիզիքական, ընկերային եւ հոգեբանական մարզերէն ներս։ Թելօ Նիկողոսեան խօսեցաւ ալքոլի եւ քաֆէինի ազդեցութիւններուն մասին։ Աշակերտները ամբողջացուցին հարցաթերթիկներ՝ յիշեալ նիւթերուն վերաբերեալ: