ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈ3Ց

Ընկերային կազմաւորման ծրագրի ծիրէն ներս, Ճեմարանի շրջանաւարտ Կալի Խիւտավերտեան (շրջանաւարտ՝ A.U.B. հոգեբանութեան մասնագիտութիւն) միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտներուն հետ արծարծեց հետեւեալ նիւթերը՝ ի՞նչպէս ընկեր ընտրել, անձի մը իւրայատկութիւնը, հոգեբանական ինչպիսի՞ հանգրուաններէ կ’անցնի անձերու միջեւ ընկերութիւնը, պատանեկան սէր եւ սիրոյ արտայայտութիւն, ընկերային հաւաքները այս տարիքին, փորձութիւններու չենթարկուիլ….