ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Կազմակերպութեամբ ընկերային ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-զրոյց Ը. դասարաններու աշակերտներուն համար: Ճեմարանի շրջանաւարտ Արմէն Արեւեան աշակերտներուն խօսեցաւ այս դարուն ուսման կարեւորութեան մասին: Ան իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով բացատրեց, թէ ինչքա՛ն անհրաժեշտ է ուսումը լաւ ասպարէզ մը ունենալու համար: Շեշտեց մի՛շտ դժուարէն սկսելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ դիւրինը կրնայ խաբուսիկ ըլլալ եւ պատճառ դառնալ ժամանակի ու ճիգի կորուստի: Աշակերտները մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան զրոյցին եւ կարծիքներ փոխանակեցին դասախօսին հետ: