ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2025-ին, կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին, ընկերային կազմաւորման ծրագիրի ծիրին մէջ, տարրական բաժինի Գ. դասարանի աշակերտներուն հետ տեղի ունեցաւ զրոյց-դասախօսութիւն մը «բարիք գործել եւ լաւ յատկանիշներ գտնել մեր ընկերներուն մէջ» նիւթով:
Դասախօսն էր Ճեմարանի շրջանաւարտ ուղղավարժ Մեղեդի Սնապեան։ Ան խաղերու ընդմէջէն, մանկավարժական մօտեցումով հետաքրքրական դարձուց նիւթը։ Աշակերտները շատ հաճելի եւ շինիչ պահ մը մը անցուցին միասնաբար։