ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Կազմակերպութեամբ Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակին, Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023-ին, Ճեմարան հրաւիրուած էր դեղագործ եւ մասնագէտ Սօսի Փօլատեան, Թ. եւ Ժ. դասարաններու աշակերտներուն հետ արծարծելու համար «Սեռական հարցեր» նիւթը:

Աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ ուղղեցին լուսաբանական հարցումներ: