Երկուշաբթի, 24 Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, միջնակարգի Ը. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան առցանց դասախօսութիւն-զրոյցի մը, «Բռնադատում պատանիներու մօտ» (teen bullying) նիւթով, դասախօսն էր՝ հոգեբան Սեւանա Թոփալեան։
Դասախօսը ներկայացուց բռնադատումի տեսակները, որոնցմէ մասնաւորաբար վերջերս ընդհանրացած ՝«cyber bulliying»-ը: Ան խօսեցաւ բռնադատողին հաւանական դրդապատճառներուն մասին, ապա անդրադարձաւ բռնադատուած անձին հոգեկան վիճակին եւ անոր օգնութեան կարիքին:
Դասախօսութեան աւարտին ընթացք առաւ զրոյց մը, աշակերտները միասնաբար արծարծեցին իրենց հետ պատահած բռնադատումի դէպքեր: