ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ

Հինգշաբթի, 26 Մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Չալեան սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ «Մեր զաւակները եւ մենք՝ մերօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց» նիւթով դասախօսութիւն-զրոյց մը՝ ներկայութեամբ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն ծնողներուն: Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան նիւթերը ներկայացուցին Նաթալի Այվազեան (դպրոցական հոգեբան), Շաղիկ Խիւտավերտեան (Հայկազեան համալսարանի դասախօս), եւ իբրեւ համադրող՝ Նանօր Մկրտիչեան-Դարբինեան (orthophonist): Նաթալի Այվազեան անդրադարձաւ ծնողք-զաւակ թափանցիկ յարաբերութեան անհրաժեշտութեան, շեշտելով հօր դերակատարութեան կարեւորութիւնը զաւակներու դաստիարակութեան մէջ: Շաղիկ Խիւտավերեան անդրադարձաւ արհեստագիտական հաղորդակցութեան վնասող գործածութեան մասին: Ան մանրամասն բացատրեց պատանիներուն ոչ հասուն կեցուածքը այս յառաջացած եւ միշտ փոխուող կազմածներուն հանդէպ: Ան խօսեցաւ համացանցային աշխարհի վտանգներուն եւ պատանիին վրայ անոնց ունեցած ժխտական ազդեցութեան մասին: Ճեմարանի շրջանաւարտ Ռազմիկ Տօնիկեան (ճարտարագէտ) արդի հաղորդակցութեան միջոցներուն մասին հակիրճ ներկայացում մը ըրաւ: Աւարտին, լուսաբանութիւններ տրուեցան ծնողներուն հարցումներուն: Տնօրէնը եզրափակեց հանդիպումը՝ թելադրելով ծնողներուն մօտ ըլլալ իրենց զաւակներուն, հասկնալ զիրենք եւ ամուր պահել ընտանեկան կապերը, որովհետեւ արտաքին աշխարհը լեցուն է փորձութիւններով, սակայն մեր զաւակները կրնան լաւապէս օգտուիլ արհեստագիտութեան բարիքներէն, եթէ ամուր ու հաստատ դաստիարակութիւն ստանան: