ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ-ԶՐՈՅՑ՝ «ԲՌՆԱԴԱՏՈՒՄ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՄՕՏ»

Հինգշաբթի, 13  Մայիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան առցանց դասախօսութիւն-զրոյցի մը, «Բռնադատում պատանիներու մօտ» (teen bullying) նիւթով, դասախօսն էր՝ հոգեբան Սեւանա Թոփալեան։

Դասախօսը նախ ներկայացուց բռնադատումի տեսակները, որոնցմէ մասնաւորաբար վերջերս ընդհանրացած ՝«cyber bulliying»-ը: Ան խօսեցաւ այն պատճառներուն մասին, որոնք անձ մը կը մղեն բռնադատելու եւ բացատրեց, թէ  ի՛նչ կը զգայ բռնադատուածը, որո՞ւն պէտք է դիմէ եւ  ի՞նչպէս պէտք է օգնութիւն խնդրէ:

Դասախօսութեան աւարտին ընթացք առաւ զրոյց մը, եւ աշակերտները արտայայտուեցան իրենց հետ պատահած բռնադատումի դէպքեր պատմելով: