ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ (ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ)

Չորեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Միջնակարգի 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտները առանձնաբար դասախօսական հանդիպում ունեցան Յակոբ Հանտեանի հետ, նիւթ ունենալով՝ «համակարգիչի եւ յարակից ելեկտրոնային այլ գործիքներու ճշգրիտ գործածութիւնը մեր կեանքին մէջ»։ Հանտեան համակարգիչը ներկայացուց իբրեւ հրաշալի գիւտ մը, որ միեւնոյն ատեն կը դժուարացնէ մեր կեանքը եթէ մոլութեան ճամբով յանձնուինք անոր ու կը դիւրացնէ մեր կեանքի ընթացքը եթէ կարողանանք ճիշդ վերաբերիլ անոր հանդէպ, զայն գործածելով մեզի օգտակար գործերու մէջ, ճիշդ ձեւով եւ ժամանակով։ Ան եզրափակեց օրուան նիւթը ըսելով, որ կեանքի մէջ ամէն բան յարաբերական ըլլալով, կը մնայ մեզի իբրեւ հայ աշակերտներ, առաւելագոյն չափով օգտուիլ համակարգչային դարու ընձեռած բարիքներէն, սակայն միեւնոյն ատեն զգուշանալ եւ չիյնալ բազմապիսի վտանգաւոր չարիքներուն մէջ, ճիշդ ու առողջ ձեւով կերտելու համար մեր նկարագիրն ու անհատականութիւնը։ Սէրուժ Հանտեան Թ. դասարան