Մանկավարժական մեթոտներու արդիականացումը եւ զանազան միջոցներով մեր աշակերտներուն հետաքրքրութիւնները զարգացնելը Ճեմարանի առաջնահերթութիւններէն են։ Առ այդ, մեր նախկին ուսուցիչներէն հանգուցեալ Գրիգոր Շահինեանի մահուան 10-ամեակին առիթով կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարով գնուեցան «թապլէթ»ներ, որպէսզի աշակերտները արդիական միջոցները օգտագործելով եւ խաղալով ամրապնդեն իրենց գիտելիքները։
Այսու մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք մեր նուիրատուներուն, որոնց օժանդակութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս ծրագիրը։
Մեր սիրելի ուսուցիչ՝ Գրիգոր Շահինեանի յիշատակը միշտ վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ եւ կը փորձենք շարունակել իր գծած ուղին՝ նորարարական մանկավարժական մօտեցումներ որդեգրել եւ քաջաբար զանոնք կիրարկել։