ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Միջնակարգի Ը. դասարանէն չորս աշակերտուհիներ՝ Նարօտ Սերուժեան, Սանան Թապաքեան, Թաշա Խաչատուրեան եւ Կրէյս Մարտիրոսեան, տեղեկատուական աշխատանք մը կատարեցին «Թռչնոց Բոյն»ի մասին։ Անոնք կաղանդի արձակուրդին «Թռչնոց Բոյն» այցելած էին եւ ուրախ ժամեր անցուցած աշակերտութեան հետ։ Երեքշաբթի 21 եւ Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ին, Նարօտը, Սանանը, Թաշան եւ Կրէյսը շրջեցան միջնակարգի բոլոր դասարանները եւ ներկայացուցին իրենց պատրաստած աշխատանքը։ Շատ մեծ գոհունակութեամբ պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն եւ անոնց թելադրեցին միշտ յիշել «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտները, որոհետեւ անոնք կարիքը ունին սիրոյ եւ գուրգուրանքի։