ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ. ՎԱՌԱԿ-ՆԱՐԵԿ՝ ԱՌԱՋԻՆ, ԱՆՆԱ ԿԻՒՐԻՒՆԼԵԱՆ՝ ԵՐՐՈՐԴ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2019-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 44 աշակերտներ՝ տարիքային երեք խումբերու բաժնուած (6-8, 9-12 եւ 13-16): Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ճեմարանականներ Աննա Կիւրիւնլեան եւ Վառակ-Նարեկ Մանուկեան դարձած են մրցանակակիր: Աննա (Գ. դասարան) իր խմբակին մէջ (6-8 տարեկան) հանդիսացած է երրորդ, իսկ Վառակ-Նարեկ (Թ. դասարան)՝ իր խմբակին մէջ (13-16)՝ առաջին:

Կը շնորհաւորենք Աննան եւ Վառակ-Նարեկը եւ անոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ: