ԳԾԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, Ուրբաթ, 11 Մայիս 2012-ին, տեղի ունեցաւ արտասանական եւ գծագրական մրցում մը՝ հայ գիրքի տպագրութեան 500 ամեակին եւ մայրենի լեզուի տօնին նուիրուած։ Ե. դասարանի գծագրութեան մրցումին մասնակցեցան Իլայ Ծատուրեան եւ Կարօ Գրիգորեան, իսկ Զ. դասարանի գծագրութեան մրցումին՝ Ճորճ Երանճեան եւ Նարեկ Նալպանտեան։ Կարօ Գրիգորեան ստացաւ երկրորդ դիրքի մրցանակը։ Արտասանական մրցումին, իւրաքանչիւր աշակերտ արտասանեց երկու բանաստեղծութիւն։ Ե. դասարանէն մասնակցեցաւ Ռիթա Մուրատեան եւ հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Զ. դասարանէն մասնակցեցաւ Ռազմիկ Տէրունեան եւ հանդիսացաւ երրորդ։