ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔ. ԲԱԼԵՆԻ ԱՒԱԳԵԱՆ ԵՒ ՀՐԱԿ ԱՐԲԱՃԵԱՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի Ակադեմիայի կազմակերպած միջդպրոցական նկարչական մրցանքին, մեր աշակերտներէն Բալենի Աւագեանն (Դ. դասարան) ու Հրակ Արբաճեանը (Է. դասարան) արժանացած են մրցանակներու՝ յաջորդաբար հանդիսանալով առաջին եւ երրորդ: Նշենք, որ մրցանքին ընտրուած թեմաներն էին «Ապրիլ 24-ը եւ մենք» եւ «Արցախեան պատերազմը եւ մեր կորուստները»: