ԳԻՐՔ ՆՈՒԻՐԵԼՈՒ ՕՐ

Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2025-ին, ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան եւ գիրք նուիրելու օրուան առիթներով, Ճեմարանի Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտները ուղղուեցան դպրոցի Թումանեան գրադարան, ծանօթացան Թումանեանին, միասին ընթերցեցին անոր հեքիաթներէն մէկ քանին, ապա իւրաքանչիւր աշակերտ իր տան գրադարանէն բերուած գիրք մը նուիրեց մէկ այլ աշակերտի։
Այս առիթով, աշակերտներուն քով ամրացան ընթերցասիրութեան եւ ուրիշին գիրք նուիրելու գաղափարները։