Գանատայէն եւ Ամերիկայէն խումբ մը Ճեմարանականներու սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, Գիրք նուիրելու օրուան առիթով, Ճեմարանի ՀՕՄ֊ի Նորսիկեան մանկապարտէզի բոլոր աշակերտները նուէր կը ստանան Լալան ու Արան «Մեր գունաւոր աշխարհը» պատկերազարդ ու դաստիարակչական գրքոյկը։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նուիրատուներուն: