Գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւն

Ուրբաթ, 7 Յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2013-ի «Հայ մօր տարի» հռչակման առիթով տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան- գրատարածի կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Հանդիսութեան ներկայ էին, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ, մեծ թիւով աշակերտներ եւ գիրքի բարեկամներ: Ճեմարանի աշակերտները արժանացան հետեւեալ մրցանակներուն. Եօթներորդ դասարանի աշակերտներ՝ առաջին Ութերորդ դասարանի աշակերտներ՝ երկրորդ Իններորդ դասարանի աշակերտներ՝ առաջին Տասներորդ դասարանի աշակերտներ՝ երկրորդ։ Մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան մանրամասնութիւնները կարդալ սեղմելով այստեղ։